2014-11-11 09:12:18

Հանրային հանդիպում` ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ընտանիքին նուիրուած սիւնհոդոսական ընթացքի վրայ, Հոկտեմբեր 2014-էն Հոկտեմբեր 2015'' նիւթով։


(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի 11 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 17։30ին, Հռոմի Ռուսական Համամիութենական Կենդրոնին մէջ (Borgo Pio 141), տեղի կ՛ունենայ ''Ֆրանչեսքոյի Բարեկամներ Հոգեւոր Եղբայրութեան'', առաջին հանրային հանդիպումը, որ պիտի քննարկէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի՝ ընտանիքի նուիրուած սիւնհոդոսի յեղաշրջման ճանապարհին ընթացքը։
Այս նիւթը ընտրուած է ''Ֆրանչեսքոյի Բարեկամներ Հոգեւոր Եղբայրութեան'' կողմէ, որ իր հիմնարկութեան մէկ ու կէս տարին կը բոլորէ։ Հանդիպումը առիթ մը պիտի ըլլայ խորհրդածելու արտակարգ սիւնհոդոսի մասին։ Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն սիւնհոդոսական երեք հայրեր՝ Կարդինալ Քասփեր, Կարդինալ Քոքքոփալմերիօ եւ Յիսուսեան Հ. Ժորժ Գրոյսսեն։
Պիտի քննարկուի, թէ ի՞նչ է մեր ակնկալելիքը մինչեւ Հոկտեմբեր 2015ի սովորական սիւնհոդոս։ Այս քննարկումը պիտի ըլլայ առիթ՝ անդրադառնալու Ֆրանչիսկոսի հայրապետութեան ամբողջ ընթացքին, անոր մարտահրաւէրներուն եւ վտանգներուն։ Խորհրդակցութիւն մը՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հոկտեմբեր 28ի Ժողովրդային Համաշխարհային Շարժումներուն ուղղած քարոզին լոյսին տակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.